2017-02-03 09:17:00

Իտալիա. Կեանքի ի նպաստ ազգային 39-րդ օրը` Կիրակի 5 Փետրուարին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 5 Փետրուար 2017-ին Իտալիոյ մէջ կը նշուի կեանքի ի սպաս ազգային 39-րդ օրը որուն առթիւ 2015-ի Հոկտեմբեր 21-ին, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի մնայուն խորհուրդը` հրապարակած էր պատգամ մը ''Կիներ եւ այր մարդիկ ի սպաս կեանքի` Քալքութայի Մայր Թերեզայի հետքերուն վրայ'' բնաբանով։

Յառաջիկայ Կիրակի 5 փետրուարին, ''Քոնչիլիացիոնէ'' պողոտայի վրայ գտնուող Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասփոնթինայի եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ զոր կը գլխաւորէ գերապայծառ Լորենցօ Լէուցցին, որուն աւարտին սրբազան արարողութեան մասնակցող հաւատացեալները  թափօրով կ՛ուղղուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, ներկայ գտնուելու համար   Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.